image
Հրատապ լուրեր:

Արժանթինի մէջ մահացած է Լուսին Պերեճիքլեան-Խաչերեանը.Ան ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն ամենատարեցն էր

Արժանթինի մէջ մահացած է Լուսին Պերեճիքլեան-Խաչերեանը.Ան ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն ամենատարեցն էր

Արժանթինի մէջ 106 տարեկանին մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածներէն մէկը` Լուսին Պերեճիքլեան-Խաչերեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Prensa Armenia-ն, նշելով, որ  ան մահացած է 21 Փետրուարին:

Լուսինը ծնած է 1913 թուականի Յունուար 7-ին Այնթապի մէջ, սակայն փաստաթուղթերուն մէջ անոր ծննդեան թուականը նշուած եղած է 1909:

«Աւելի լաւ է բան մը չյիշել: Երբ կը յիշեմ, չեմ կնար քնանալ», Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններու ատեն տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ան։

Անոր հայրը` Աբրահամը, ոսկերիչ էր: Երբ տեղահանութիւնները նոր կը սկսէին, ան իր աւագ երեխաները ուղարկած է Հալէպ:

Ինչպէս տարիներ առաջ Clarín թերթին պատմած էր Լուսինը, ինք ծնողներուն հետ նոյնպէս փորձած է փախչիլ: Թէեւ ճանապարհին թուրք զինուորները թալանած են զիրենք, բայց անոնք կրցած են հասնիլ Հալէպ: Մայրը, սակայն, մահացած է ճանապարհին:

Համաշխարհային Ա․ պատերազմէն ետք անոնք վերադարձած են հայրենի քաղաք, որ գտած են աւերակներու մէջ։ Թրքական իշխանութիւնները զանոնք շոքեկառք նստեցուցած են ու կրկին աքսորած։

«Շոքեկառքը կանգ առաւ անհիւրընկալ եւ խաւար վայր մը: Հայրս ոսկի տուաւ պահակին, որպէսզի մեզի թոյլ տայ երթանք: Ամայի վայր էր: Մենք սկսանք քալել դէպի միակ լոյսը, որ տեսանելի էր: Երբ հասանք, տեսանք, որ ատիկա հսկայական պահեստ մը է, որ լի է հայերով: Բոլորը իրարու սեղմուած էին: Քանի մը օր այնտեղ մնալէ ետք հայրս ըսաւ, որ մենք չենք կրնար այստեղ մնալ: Ան որոշեց երթալ Դամասկոս: Ճանապարհին հանդիպեցանք մարդոց, որոնք նոյնպէս կը փախչէին: Կը յիշեմ կին մը, որ անդադար կու լար. անոր երեխաներն ու ամուսինը սպաննուած էին: Հայրս անորմէ խնդրեց, որ հոգ տանի ինծի, քանի որ ես ամենափոքրն էի: Եւ այդ կինն զիս խնամեց դէպի Դամասկոս ամբողջ ճանապարհի ընթացքին», պատմած է Լուսինը:

Դամասկոսի մէջ հայրը կը մահանայ: Եղբայրները կը մեկնին Արժանթին, իսկ Լուսինը աւագ քրոջ հետ Դամասկոս կը մնայ մինչեւ 16 տարին լրանալը: 1929ին անոնք նոյնպէս կ՛որոշեն տեղափոխուիլ Պուէնոս Այրես:

«Ան, որ տեսած է գաղթն ու Ցեղասպանութիւնը, երբեք չի կրնար մոռնալ զայն: Մենք շատ վատ ժամանակներ ապրած ենք  առանց մօր ու առանց հօր: Ցեղասպանութիւնը երբեք չի մոռացուիր», ըսած է ան La Nación պարբերականի հետ հարցազրույցի ժամանակ։