image
Հրատապ լուրեր:

Ումէյր Ղարայպէ ձերբակալուած է Սուրիոյ մէջ

Ումէյր Ղարայպէ ձերբակալուած է Սուրիոյ մէջ

Յորդանանցի լրագրող Ումէյր Ղարայպէ ձերբակալուած է Սուրիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, յղում ընելով լրագրողի եղբօր:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ղարայպէ Սուրիա մեկնած էր զբօսարշրջային պտոյտի մը համար եւ ան ձերբակալուած է Յորդանան վերադառնալու պահուն:

Ըստ նոյն աղբիւրին ձերբակալումը տեղի ունեցած է «Ալ-Նասիպ» անցքին վրայ:

Կը նշուի նաեւ, որ անոր եղբայրը կոչ ըրած է յորդանանեան մարմիններուն արագօրէն ճիգեր իրականացնել, ազատ արձակելու համար Ղարայպէն: