image
Հրատապ լուրեր:

Ես հիացած եմ քու գործովդ. Յայտնի երգչուհի Նանսի Աճրամ գրառում մը կատարած է լիբանանահայ լրագրողին մասին

Ես հիացած եմ քու գործովդ. Յայտնի երգչուհի Նանսի Աճրամ գրառում մը կատարած է լիբանանահայ լրագրողին մասին

Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի յայտնի աստղերէն Նանսի Աճրամ երէկ «Թուիթըր»եան իր էջով գրառում մը կատարած է լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանին մասին:

Աճրամ մասնաւորապէս գրած է. «Դուն այդպէս ես, Նշան: Կը համարձակիս ըլլալ հոն, ուր ուրիշները չեն համարձակիր»:

Աճրամ այս գրառումը կատարած է այն պահուն, երբ «Ալ-ժատիտ» կայանէն  կը սփռուէր Նշան Տէր Յարութիւնեանի հերթական «Անա հէյք» («Ես այսպիսին եմ») ծրագիրը, որ այս շաբթուան ընթացքին արծարծած էր լիբանանեան «Ռումիյէ» բանտին մէջ գտնուողներուն իրավիճակը եւ անոնց ապրած տառապանքները:

Յիշեցնենք, որ լիբանանահայ լրագրողը յայտնի անուն է ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ: