image

Մահացած է սփիւռքի մէջ հայ տպագրութեան նուիրեալ Կարապետ Հաննէսեանը

Մահացած է սփիւռքի մէջ հայ տպագրութեան նուիրեալ Կարապետ Հաննէսեանը

Պէյրութի մէջ մահացած է «Շիրակ» տպարանի եւ նոյնանուն գրատան համահիմնադիր Կարապետ Հաննէսեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Կարապետ Հաննեսեանը եղբօր՝ Հովհաննէս Հաննէսեանի հետ անցեալ դարու կէսերէն սփիւռքի մէջ մեծ աշխատանք տարած է՝ հայ տպագրական գործը զարգացնելու առումով: Ան առաջիններէն էր, որ Պէյրութի մէջ տպագրած է հայ դասականներու գործերը:

Հաննէսեանները տարիներ շարունակ տպագրած եւ տարածած են բառարաններ, երազահաններ, զուարճալի պատմութիւններու ժողովածուներ եւ ժողովուրդի շրջանին լայն տարածում ունեցող գիրքեր:

Հաննէսեան եղբայրները նշանաւոր են յատկապէս հանրայայտ «Շիրակ երգարան» մատենաշարով, որուն գիրքերը մինչեւ այսօր կը տպագրուին եւ կը տարածուին: Կարապետ Հաննէսեանը կը թղթակցէր նաեւ լիբանանահայ մամուլին: