image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեան առաջին գիրքը «Արեւելքի» աշխատակիցին նուիրեց. Տեսանիւթ

Նիկոլ Փաշինեան առաջին գիրքը  «Արեւելքի» աշխատակիցին նուիրեց. Տեսանիւթ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ գիրք նուիրելու օրուան առթիւ այցելած է «Պուքինիսթ» գրախանութ:  Ան գիրքեր գնած, Աննա Յակոբեանի հետ ստորագրած եւ փողոց դուրս գալով՝ նուիրած է պատահական անցորդներուն:

Առաջին նուէրը բաժին հասած է «Արեւելքի» աշխատակից Ալին Տրէժեան-Նարինեանին: Ան դստեր հետ կը զբօսնէր Մաշտոցի պողոտայով եւ անակնկալի եկած է՝ վարչապետէն գիրք ստանալով:

Նիկոլ Փաշինեանը Ալին Տրէժեան-Նարինեանին նուիրած է Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ն: «Շատ յուզուեցայ: Ես, ըլլալով  գրականութեան սիրահար, ընթերցասէր, շատ ուրախացայ՝ վարչապետէն գիրք նուէր ստանալով»,-ըսած է Ալինը, որ Հալէպի մէջ աշխատած է իբրեւ ուսուցիչ եւ կիրակնօրեայ «Օշական» թերթի լրագրող, այժմ կ'ապրի Հայաստանի մէջ: