image

Սուրիացիներ կը քննադատեն պետութեան վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը

Սուրիացիներ կը քննադատեն պետութեան վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը

Սուրիացի քաղաքացիներ քննադատած են Սուրիոյ գործող կառավարութեան վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վերաբնակցման («իսքան») վարչութեան կողմէ կատարուած յատկացումներու շնորհիւ, սուրիացի քաղաքացիներ տէրը պիտի դառնան 40-էն 60 քառակուսիմեթր տարածութիւն ունեցող բնակարաններու, որոնց գումարը կը հասնի շուրջ 15000 ամերիկեան տոլարի:

Կը նշուի նաեւ, որ քաղաքացիները բողոք արտայայտած են տուներու փոքր ըլլալուն վերաբերեալ, նշելով, որ այս տուները նման են լուցկիի տուփերու:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմէն եօթ տարի անց՝ այսօր, երկրին մէջ գլխաւոր խնդիր կը համարուի բնակարան ունենալու հարցը, որովհետեւ հազարաւոր  քաղաքացիներ պատերազմական թէժ գոծողութիւններու հետեւանքով դարձած են անտուն: