image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեանը շուտով կը ստանայ CELF վկայագիրը. Մեսրոպեան վարժարանը եւ Institut Français-ը կ’որոշեն զարգացնել գործակցութիւնը` զարգացման ծրագիրներու մէջ

Մեսրոպեանը շուտով կը ստանայ CELF վկայագիրը.  Մեսրոպեան վարժարանը եւ Institut Français-ը կ’որոշեն զարգացնել գործակցութիւնը` զարգացման ծրագիրներու մէջ

Ֆրանսական պետութեան հովանիի տակ գործող Institut Français-ի Լիբանանի գրասենեակի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Տամիէն Կիւյար եւ Ռաշիտա Տիւմա սոյն թուականի Փետրուար 15-ին ծանօթացման եւ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, տնօրէնութեան հետ քննարկելու համար կողմերուն միջեւ գործակցութեան շարք մը ծրագիրներ, որոնք սկիզբ առած էին քանի մը տարի առաջ:

Նշեալ գործակցութեան ծիրին մէջ, Institut Français-ը յառաջիկայ ամիս նախատեսուած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Մեսրոպեան վարժարանին պիտի շնորհէ CELF Certificat Élémentaire de Langue Française վկայագիրը, որուն համար անցած տարիներուն վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները յանձնեցին համապատասխան քննութիւնները` փայլուն յաջողութիւններով:

Մեծ կարեւորութիւն մը ունեցող այլ ուղղութեան մը վրայ, Մեսրոպեան վարժարանը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ ֆրանսական պաքալորէան ներառելու իր կրթական ծրագրին մէջ, այնպիսի դրութեամբ մը, որ Ֆրանսական կառավարութեան համապատասխան մարմինները ուղղակիօրէն ներգրաւուած ըլլան ծրագրի գործադրութեան:

Այցելութեան ընթացքին, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ բարձրաստիճան հիւրերուն ծանօթացուց 80-ամեայ հաստատութեան պատմութիւնը, կառավարման դրութիւնը եւ գործադրուող ու ապագայի կրթական ծրագիրները: Շրջելով վարժարանի տարբեր բաժանմունքները, ծանօթանալով անոր ֆիզիքական ու կրթական ենթակառուցուածքին ու շփուելով աշակերտութեան եւ ուսուցիչներու  հետ, Institut Français-ի պատասխանատուները վկայեցին, որ վարժարանը յաջողած է ստեղծել անհրաժեշտ բոլոր հիմքերը, որպէսզի իրենց ներկայացուցած հիմնարկին հետ գործակցութիւնը զարգանայ` ի խնդիր աշակերտներու բարձրակարգ կրթութեան:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի