image

Զազրելի ոճիր մը ցնցեց Հալէպը. Զոհը 7-ամեայ պատանի մըն է

Զազրելի ոճիր մը ցնցեց Հալէպը. Զոհը 7-ամեայ պատանի մըն է

Օրեր առաջ զազրելի ոճիր մը ցնցած է ամբողջ Հալէպը։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Շապաքաթ ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը, որ նաեւ նշած է, թէ 7-ամեայ պատանի մը տանջանքներու ենթարկուելէ ետք սպաննուած է Հալէպի Սալահ Էլ  Տին  շրջանին մէջ։

Դէպքէն շաբաթ մը անց՝ այսօր, Հալէպի ապահովական մարմիններ բացայայտած են Նասրալլա Հիլալ Ալ Նասէր անունով պատանին սպաննողին ինքնութիւնը, որ 19-ամեայ երիտասարդ մըն է։

Պարզ դարձած է նաեւ, որ ոճրագործը բռնաբարած ու ապա սպաննած է պատանին, որ այդ շրջանի  բնակիչներէն  չէ եւ  հոն  յայտնուած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ  պատերազմի  հետեւանքով։

Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպի բնակչութիւնը, որ խստիւ դատապարտած է զազրելի  այս ոճիրը, պատկան մարմիններէն պահանջած է խստագոյնս վարուիլ ոճրագործին հետ։

Դէպքին շուրջ կը կատարուի հետաքննութիւն։