Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտ ՝ Ճօ Կարապետեան իր ուսումնառութիւնը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատասխանատուներէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Ճօ Կարապետեան մասնակցած է Միացեալ
Նահանգներու «YES» (Youth Exchange and Study) ծրագիրի քննութիւններուն եւ
Արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւն, որուն համար ալ ան առիթը պիտի ունենայ 2019-2020 տարեշրջանին իր ուսմնառութիւնը
Շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Ճօ Մեսրոպեան վարժարանի 8-րդ
աշակերտն է, որ «YES» ծրագրով ուսումնառութեան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ:
Յիշեցնենք, որ հայ աշակերտի ուսման եւ ճամբորդութեան ծախսերը պիտի հոգայ ամերիկեան կառավարութիւնը։