image

Մահացած է ֆրանսահայ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանը՝ Ռուբէնի հարսը

Մահացած է ֆրանսահայ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանը՝ Ռուբէնի հարսը

Մահացեր է ֆրանսահայ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանը: Այդ մասին յայտնած է France Arménie-ն: Անահիտ Տէր-Մինասեանը  Սորպոնի համալսարանի եւ ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս էր, որուն ուսումնասիրութեան առարկան եղած է Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը։

Անահիտ Տէր-Մինասեանը ծնած է 1933-ին, ան ազգային, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան երրորդ ռազմական նախարար, Դաշնակցութեան անդամ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի որդիին` Լեւոն Տէր-Մինասեանի կինն էր: