image

Մեծ սքանտալ Դամասկոսի մէջ. Ինքնաբաւ ընտանիք մը իր զաւակները կը մղէ մուրացկանութեան

Մեծ սքանտալ Դամասկոսի մէջ. Ինքնաբաւ ընտանիք մը իր զաւակները կը մղէ մուրացկանութեան

Նոր սքանտալ մը ի յայտ եկած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով, որ ունեւոր համարուող ընտանիք մը իր տաս զաւակները կը մղէ մուրացկանութեան ու կը ստիպէ անոնց, որ ժամեր անցընեն փողոցին մէջ եւ անցորդներէն դրամ մուրան:

Այս մասին նաեւ կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարած է Սուրիոյ ընկերային հարցերու  նախարարութեան խօսնակ Ֆիտաա Տաքուրի:

Տաքուրի ըսած է, որ իրենք մօտէն հետեւած են այդ երեխաներու ընտանիքի պարագաներուն եւ յայտնաբերած, որ անոնց ծնողը ունի չորս յարկանի սեփական գոյք, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժ եւ անոնք ինքնաբաւ են:

Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ նման սքանտալ մը կը պայթի Սուրիոյ մէջ, յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: