image

«Դուք աւազակախումբ էք». Էրտողանը այդպէս անուանած է երկրի ընդդիմադիր ուժերը

«Դուք աւազակախումբ էք». Էրտողանը  այդպէս անուանած է երկրի  ընդդիմադիր ուժերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը «աւազակախումբ» անունած է երկրի ընդդիմութեան՝ մեղադրելով անոնց ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան համար, կը գրէ թրքական diken.com.tr կայքը:

Թրքական ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական, Ժողովրդադեմոկրատական, ինչպէս նաեւ «Լաւ» եւ «Երջանկութիւն» կուսակցութիւնները, ըստ Էրտողանի, կը գործեն միասին եւ նման են «քառեակ աւազակախումբի»:

Թուրքիոյ նախագահին նաեւ բարկացուցած են ընդդիմութեան՝ երկրի մէջ միրգի եւ բանջարեղէնի օր օրի աճող գիներու հետ կապուած քննադատութիւնները:

«Փաթաթուեր են լոլիկին ու պղպեղին: Կ՝աղօթեն, որ ճգնաժամ սկսի, երկիրը կործանի: Հիմա ես այստեղէն կը դիմեմ լոլիկ, գետնախնձոր, սմբուկ ու պղպեղ վաճառողներուն. մէկ փամփուշտն ի՞նչ արժէ, դուք գիտէ՞ք»,- ըսած է Էրտողանը՝ գիներու բարձրացումը կապելով թրքական ԶՈւ-ի իրականացուցած ռազմական գործողութիւններուն հետ:


Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ 31 մարտին սպասուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութոիւններուն ընդառաջ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական ու «Լաւ» կուսակցութիւնները համաձայնած են համագործակցիլ Թուրքիոյ 20 նահանգի մէջ՝ ներկայացնելով միասնական թեկնածուներ այդ տարածքներուն մէջ: