Միացեալ Նահանգներու մէջ (Լոս Անճելըս) իր մահկանացուն կնքած է Թագուհի Թովմասեանը (Ծնեալ 1921-ին՝ Թեհրան )։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Յիշեցնենք, որ բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած 98-ամեայ տիկին Թագուհին մայրն էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ փուլերուն (28, Մարտ, 1976) անձնազոհաբար նահատակուած ՀՅԴ նուիրեալ գործիչ ՝ Սերժ Թովմասեանին։