image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիսի մէջ կողոպտած են 93-ամեայ հայ վեթերանին տունը

Թիֆլիսի մէջ կողոպտած են 93-ամեայ հայ վեթերանին տունը

Թիֆլիսի մէջ անյայտ անձինք ծեծած եւ կողոպտած են Հայրենական մեծ պատերազմի 93-ամեայ վեթերան Սերկօ Միրզոյեանը:

Ինչպէս կը հաղորդէ INTERFAX.RU-ն՝ յղում ընելով վրացական լրատուամիջոցներուն, լուսաբացին երկու դիմակաւորուած անձինք ներխուժած են Միրզոյեանի բնակարան, ծեծի ենթարկած եւ կապած են անոր, ինչէն ետք արժէքաւոր իրեր գողացած են, ինչպէս նաեւ շուրջ 700 լարի:

Վեթերանի հարեւանները լրագրողներուն պատմած են, որ Միրզոյեանը ինք ոստիկանութիւն կանչած է կողոպտիչներուն հեռանալէն ետք:

Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հետաքննութիւն սկսած է Քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածով («Կողոպուտ»):

Նշենք, որ Միրզոյեանը աշխոյժօրէն կը մասնակցի Վրաստանի մէջ իրականացուող տարատեսակ միջոցառումներու՝ կապուած Հայրենական մեծ պատերազմի հետ: