Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած լիբանանցի լրագրողի մահը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Լիբանանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ արաբական «Սփութնիք» կայքը, նշելով, որ Ճէյմս Արմունի (28 տարեկան) կ'աշխատէր իմարաթեան Dance FM կայնին մէջ եւ մահացած է անցնող 13 յունուարին, Տուպայի մէջ:
Երիտասարդին մահուան պատճառները մինչեւ այս պահը կը շարունկէ մնալ անյայտ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Արմունի կը համարուէր սիրուած անձնաւորութիւն մը, յատկապէս արաբական աշխարհի երգարուեստի շրջանակներուն մէջ: