image

Ամուսնոյս դէմ հնչող սպառնալիքները լուրջ սկսած են դառնալ.Սէլինա Տողան

Ամուսնոյս դէմ հնչող սպառնալիքները լուրջ սկսած են դառնալ.Սէլինա Տողան

Իմ ամուսինը իրաւապաշտպան է արդէն մօտ 20 տարի, անոր կը սպառնան այն գործերու պատճառով, որոնց մէջ ներգրաւուած է 2011 թուականէն: Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին պատմած է Թուրքիոյ մէճլիսի նախկին պատգամաւոր, ազգութեամբ հայ Սէլինա Տողանը՝ անդրադառնալով իր ամուսինին՝ փաստաբան Էրտալ Տողանի մասին եղած հրապարակումներուն:


«Ամուսինս Հրանդ Տինքի իրաւաբանն էր անոր կենդանութեան օրօք, իսկ սպանութենէն ետք դարձած է անոր ընտանիքի իրաւաբանը: Ան 2007 թուականին իր ձեռքը վերցուցած է Մալաթիայի գործը, երբ Մալաթիայի մէջ 3 քրիստոնեաներ սպանուած էին»,- ըսած է ան:

Աղբիւրը նախապէս յայտնած էր, որ Սելինա Տողանի ամուսինը՝ յայտնի փաստաբան Էրտալ Տողանը, մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ հայերիու իրաւունքները պաշտպանելու պատճառով:

Թրքական «ArtıGerçek» կայքը տեղեկացուցած էր, որ օրերս Տողանի գրասենեակի մօտակայքը երեւացած են խումբ մը անյայտ երիտասարդներ, որոնք փորձած են ճշդել, թէ որ ժամերուն փաստաբանը կու գայ այստեղ եւ երբ դուրս կու գայ: Կը նշուի, որ գրասենեակի անվտանգութեան տեսախցիկները ֆիքսած են այդ անձանց դէմքերը, ձայնագրութիւնները Տողանը արդէն փոխանցած է ոստիկանութեան: 

Ըստ Սելինա Տողանի, Էրտալ Տողան իր մասնակցութիւնը ունեցած է մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ոլորտի աքթիւիսթներու գործերուն, լրագրողներու եւ ակադեմիկոսներու, որոնք պայքարած են մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն դէմ: Ան նաեւ արդէն մօտ 10 տարի կ'աշխատի՝ Հայկական հարցի՝ անցեալի հետ առերեսուելու՝ 1937-38 թուականներուն Տէրսիմի ջարդերու եւ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականներու սպանութիւններու խնդրի վրայ:


«Որպէս արդիւնք, որքան շատ ան փորձէր բացայայտել իրավիճակը, այնքան սպառնալիքները կը շատնային՝ անկախ իմ ասպարէզէս: Ամուսինիս հասցէին սպառնալիքներ հնչեցնելը կը շարունակուի արդէն 7 տարի: Ան կը փորձէր անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել իրեն պաշտպանելու համար, բայց Թուրքիոյ մէջ տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամի եւ իրաւական դաշտի պատճառով (դատական իշխանութիւնը անօրինական է եւ անկախ չէ) սպառնալիքները աւելի լուրջ կը դառնան»,- ըսած է ան: