image

Սուրիացի յայտնի դերասանը անակնկալի բերած է իր հազարաւոր հետեւորդները (Լուսանկարներ)

Սուրիացի յայտնի դերասանը անակնկալի բերած է իր հազարաւոր հետեւորդները (Լուսանկարներ)

Սուրիացի յայտնի դերասան Ուաէլ Շարաֆ երէկ անակնկալի բերած է իր երկրպագուները: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Նահար» պարբերականը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սուրիական «Պապ Ալ-Հարա» տեսաշարին մէջ Մուհթազզ դերով յայտնի Ուաէլ Շարաֆ «ինսթակրամ»ի իր էջին նոր ոճով լուսանկար մը տեղադրած է, որուն արդիւնքով ալ զարմանքի, ինչպէս նաեւ հիացական մեկնաբանութիւններ տեղադրուած են անոր լուսանկարին տակ:

Ուաէլ Շարաֆ նաեւ նշած է, որ կը պատրաստուի նկարահանուիլ «Սեւ վարդ» անունով նոր տեսաշարին մէջ, որուն բեմադրիչն է Սամիր Հըսայն:

Յիշեցնենք, որ Ուաէլ Շարաֆ յատկապէս մեծ հռչակ առաւ, մասնակցելէ ետք «Պապ Ալ-Հարա»  անունով յայտնի սուրիական տեսաշարին: