image

«Արդեօք եթէ ըսեմ երկիրը ջրախեղդ եղաւ, յանցաւոր պիտի համարուիմ». Լիբանանցի յայտնի երգիչը ուշագրաւ գրառում մը կատարած է

«Արդեօք եթէ ըսեմ երկիրը ջրախեղդ եղաւ, յանցաւոր պիտի համարուիմ». Լիբանանցի յայտնի երգիչը ուշագրաւ գրառում մը կատարած է

Արաբական երգերու յայտնի մեկնաբան, սուփըր-սթար Ռաղէպ Ալամա երէկ «թուիթըրեան» իր էջով ուշագրաւ գրառում մը կատարած է: Ան մասնաւորապէս անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող կլիմայական ծանր պայմաններուն, հարց տուած է, որ «Արդեօք եթէ հիմա գրեմ, որ երկիրը ջրախեղդ եղաւ, յանցաւոր պիտի նկատուիմ»:

Ալամա նաեւ իր գրառումին կողքին տեղադրած է քոլաժ եղած պատկեր մը (տեսնել լուսանկարը), ուր ան կը լողայ ցեխաջուրերուն մէջ:

Յայտնենք, որ աւելի վաղ Ռաղէպ Ալամա առիթով մը քննադատած էր երկրի իշխանութիւնները, յայտարարելով, որ երկիրը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, ան մասնաւորապէս ըսած էր՝ «երկիրը թռաւ մեր ձեռքէն», որու հետեւանքով ալ ան ծանր մեղադրանքներու եւ քննադատութիւններու թիրախ դարձած էր: