image

Ուրախ լուր Հալէպէն. Ամուսնացեալք Կարօ Մաթոսեան եւ Զարմիկ Քէլլէեան ամուսնացեալք

Ուրախ  լուր Հալէպէն.   Ամուսնացեալք  Կարօ Մաթոսեան  եւ Զարմիկ Քէլլէեան ամուսնացեալք

   Հալէպի   մէջ    տեղի ունեցած է Կարօ Մաթոսեանի  եւ  Զարմիկ Քէլլէեանի    պսակադրութեան   արարողութիւնը։

   Պսակի  արարողութիւնը  տեղի ունեցած է շաբաթ  օր  Հալէպի     եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն       ամուսնացող զոյգի ազգականներուն,  բարեկամներուն եւ ծանօթներու մեծ  շրջանակին։

 Նշենք,  որ     նորակազմ  այս  հայկական բոյնին  երկու անդամները      աշխոյժ անդամ են Հալէպի ՀՄՄ-ի  մեծ ընտանիքին։ Անոնք  իրենց մանկութեան  տարիներէն   սկսեալ     նուիրաել կերպով  մասնակցած են միութեան   աշխատանքներուն  եւ  նոյնիսկ Հալէպը  հարուածած     ծանրագոյն   պատերազմի օրերուն   մերժած են  հեռանալ իրենց ծննդավայր    Հալէպէն։