image
Հրատապ լուրեր:

Տաճատ վրդ. Եարտըմեանէն երեք նոր հատորներ

Տաճատ վրդ. Եարտըմեանէն երեք նոր հատորներ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հրատարակութեամբ լոյս տեսան Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի հետեւեալ երեք ուշագրաւ գրքերը.

 1-«Հայ Առաքելական Եկեղեցի. Տօներ, Սուրբեր, Պահքեր Եւ Կրօնական Աւանդութիւններ» (154 էջ), որ պատրաստուած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի յանձնարարութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Անիկա կը պարունակէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօներու, Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանի Կիրակիներու խորհուրդները, Յիսուսի Խաչին նուիրուած տօներու պատմութիւնն ու խորհուրդը, ինչպէս նաեւ յայտնի սուրբերու կենսագրութեան եւ անոնց նուիրուած շարականներէն հատուածներ:

 

 2-Դարձեալ առաջնորդին թելադրութեամբ, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան գրաբարէն աշխարհաբարի թարգմանած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատքի Խոստովանութիւնը» (54 էջ), որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դաւանական հիմքերը հաստատող կարեւորագոյն երկերէն է։ Առաջնորդին օրհնութեան գիրէն ետք, հեղինակը ներկայացուցած է նաեւ Շնորհալիի կենսագրութիւնը եւ կրօնական-եկեղեցական աշխատանքները, «Հաւատքի Խոստովանութեան» շարժառիթն ու բովանդակութիւնը: Գիրքը հրատարակուածէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմ հովուապետական այցելութեան առիթով: Յիշեալ երկու գիրքերը տպագրուած են տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Յասմիկ Գէորգեաններու մեկենասութեամբ:

 

 3-Հայագիտական եւ լեզուաբանական կարեւոր նշանակութիւն ունի Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի «Հայերէն Լեզուի Ժամանակակից Բառարան»ը: 1021 էջնոց այս ստուար բառարանին մէջ հաւաքուած եւ բացատրուած են բազմահազար հայերէն բառեր. շեշտը դրուած է նաեւ նորակազմ ու մասնագիտական (թանկարժէք քարեր, մետաղներ, բուսական աշխարհ եւ այլն) բառերը ի մի հաւաքելու ջանքին վրայ: