image

Սուրիացի դերասանուհի Ուաֆաա Մուսալլի մեծ ցնցում ապրած է. պատճա՞ռը

Սուրիացի դերասանուհի Ուաֆաա Մուսալլի մեծ ցնցում ապրած է. պատճա՞ռը

Սուրիացի յայտնի դերասանուհի Ուաֆաա Մուսալլի մեծ ցնցում ապրած է եւ յայտնուած է հոգեկան ծանր վիճակի մը մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Անպաա» կայքը, նշելով, որ Մուսալլի այս իրավիճակին մէջ յայտնուած է, իմանալէ ետք իր աղջկան՝ Նայա Սամէրի անցուցած ինքնաշարժի արկածին մասին:

Կը յայտնուի նաեւ, որ Նայա Սամէրի ինքնաշարժը շուր եկած է Դամասկոսի մէջ եւ արտակարգ իրավիճակներու աշխատակիցները հազիւ փրկած են անոր կեանքը ու զինք փոխադրած են հիւանդանոց:

Դերասանուհիին դուստրը ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ: