Նոր սքանտալ մը ցնցած է Մարոքի Պուրքան քաղաքը, երբ պատկան մարմիններ յայտնաբերած են քաղաքի կրօնաւորներէն մէկուն անբարոյ վարքը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով նաեւ, որ իսլամ շէյխը յարաբերութիւններ ունեցած է երիտասարդ աղջիկներու հետ, որոնք կը փութան իր տունը, կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու նպատակով:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ շէյխը ոչ միայն յարաբերութիւններ ունեցած է այդ երիտասարդուհիներուն հետ, այլ նաեւ նկարահանած տեսարանները պահած է իր համակարգիչին մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ շէյխը երկար տարիներ ապրած եւ գործած է Պէլճիքայի մէջ եւ 2016-էն ի վեր վերադարձած է իր երկիրը, կրօնական գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Դէպքը դատապարտումի առիթ հանդիսացած է եւ բողոքի ալիք բարձրացուցած է յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան աշխոյժ ներկայացուցիչներուն մօտ: