Մեր երկրին մէջ առկայ կազի տագնապը շինծու տագնապ մըն է, նման խօսքով հանդէս գալով, զգայացունց յայտարարութիւն կատարած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նապիլ Սալէհ:
Սալէհ, որ իր դիմատետրի էջով ներկայացուցած է Հալէպի, ինչպէս նաեւ տարբեր նահանգներու մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող կազի տագնապի երեւոյթը, ըսած է, որ ինք անձնապէս ոչ մէկ խնդիր ունի նաւթի հարցերու նախարարութեան հետ, սակայն իր կարծիքով, այս օրերուն առկայ սուր տագնապը շինծու տագնապ մըն է:
Սալէհ նաեւ ըսած է, որ սուրիացի քաղաքացին այսօր կանգնած է տնտեսական բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ եւ այդ պատճառով է, որ երկրին մէջ գլուխ կը ցցեն շինծու տագնապներ, որոնց նպատակն է ժողովուրդը զբաղցնել երկրորդական խնդիրներով:
Յիշեցնենք, որ շուրջ տաս օրէ աւելի, սուրիացի քաղաքացիները լուրջ դժուարութիւն կ'ունենան ստանալու համար տնային օգտագործման կազի տակառներ, բան մը, որ տագնապի երեւոյթ ստացած է յատկապէս Հալէպի մէջ: