image

Վերջին հրաժեշտ Երեւանի մէջ մահացած ՀՄԸՄ-ական Մանուկ Ղազէլեանին (Լուսանկարներ)

Վերջին հրաժեշտ Երեւանի մէջ մահացած  ՀՄԸՄ-ական Մանուկ Ղազէլեանին (Լուսանկարներ)

Երեւանի մէջ, կիրակի՝ 2 դեկտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Մանուկ Ղազէլեանը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:


Հանգուցեալի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է երեքշաբթի՝ 4 դեկտեմբերին,  Մալաթիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:


Իսկ Հալէպի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրկաի՝ 9 դեկտեմբերին:


Նշենք, որ հանգուցեալ Մանուկ Ղազէլեանը (1943-ի ծնունդ), որ 2015-ին հաստատուած էր Հայաստան, եղած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական եւ վաստակաշատ վեթերան անդամ: