image

Ինքնաշարժի ծանր արկած Երեւանի մէջ. 3 հալէպահայեր փոխադրուած են հիւանդանոց

Ինքնաշարժի ծանր արկած Երեւանի մէջ. 3 հալէպահայեր փոխադրուած են հիւանդանոց

Երէկ՝ 1 դեկտեմբերին, ինքնաշարժի  մեծ արկած մը  տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ՝ Թումանեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկի մօտ։ Ժամը 03։30-ի սահմաններուն    իրար  բախած են  Hyundai մակնիշի եւ Nissan  տիպի ինքնաշարժներ։ 

Նշենք, որ Hyundai մակնիշ մեքենան եղած է ՀՀ ոստիկանութեան պատկանող մեքենայ, իսկ Nissan-ի վարորդն ու ուղեւորները եղած են    հալէպահայ երիտասարդներ: Ինչպէս դէպքի վայրէն «shamshyan.com»ին  յայտնած են, բախման հետեւանքով ալ սուրիահայերու Nissan մեքենան  զարնուած  է ճանապարհի թոյլատրելի հատուածին մէջ կայանուած Volkswagen Tuareg-ին։

Արկածին  հետեւանքով   Hyundai-ի վարորդ Փ. Թեւանեանը եւ ուղեւոր Շահէն Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ Nissan-ի ուղեւորներ Գաբրիէլ Պաղտոյեանն ու Յովսէփ Ատուրեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Էրեբունի»  հիւանդանոց։

Nissan-ի վարորդ 34-ամեայ Ռաֆֆի Քտլեան լուրջ վնասուածքներ չունի։

Վթարի վայր ժամանած են Երեւանի Ճանապարհային Ոստիկանութեան եւ հետաքննութեան խումբը, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար խումբը, ինչպէս նաեւ ապահովագրական ընկերութեան ներկայացուցիչը։

Hyundai-ն ու Nissan-ը հետաքննիչի յանձնարարականով տեղափոխուած են Երեւանի Ճանապարհային  ոստիկանութեան  բաժին։ Դէպքի շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի: