Կիրակի 25 նոյեմբերին, Հալէպի մէջ վախճանած է Քոյր Օլկա Նաաումը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նշեց, որ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միութեան անդամ քոյր Օլկան, նաեւ կը վարէր Հալէպի Զուարթնոց վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
Ըստ մեր աղբիւրի վկայութեան, վախճանեալը «իր կեանքը եւ ամբողջ հարստութիւնը նուիրած էր Հալէպի Զուարթնոց վարժարանին», ան շատ կարող մայրապետ էր եւ յայտնի ու նուիրեալ դաստիարակ քանի մը սերունդներու:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 27 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Յետ թաղման կարգին, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ Աղաճանեան սրահէն ներս, մինչեւ ժամը 2-ը, իսկ երեոյեան ժամը 5-էն 8-ը:
Նշենք, որ վախճանեալ Մայրապետին մարմինը այժմ կը հանգչի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: