image

Գոյժ Հալէպէն. Ոչ եւս է ՀՄԸՄ-ի երկար տարիներու նուիրեալներէն Յարութիւն Պարսամեան

Գոյժ Հալէպէն.  Ոչ եւս է ՀՄԸՄ-ի երկար   տարիներու նուիրեալներէն  Յարութիւն  Պարսամեան

 Յետ  կարճատեւ հիւանդութեան  Հալէպի   մէջ   իր մահկանացուն կնքած  է ՀՄԸՄ-ի երկար տարիներու  նուիրեալ    պատասխանատուներէն   Յարութիւն  Պարսամեան։  Այս  մասին տեղեկութիւնը  տուած  ՀՄԸՄ-ի Հալէպի   դիմատետրի  էջը,  ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

« ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժէ մահը ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան շքանշանակիր, վաստակաշատ հաւատաւոր եղբայր Յարութիւն Պարսամեանին, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի 21 Նոյեմբեր 2018-ին Հալէպի մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 22 Նոյեմբեր 2018-ին կէսօրուան ժամը 1-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ»։