image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ նախագահի աւագ որդին Հաֆէզ Ասատ անակնկալի բերած է Դամասկոսի քաղաքացիները

Սուրիոյ նախագահի աւագ որդին Հաֆէզ Ասատ անակնկալի բերած է Դամասկոսի քաղաքացիները

Սուրիոյ նախագահի աւագ որդին երէկ անակնկալ շրջայց մը կատարած է յատկապէս Դամասկոսի հին շրջաններուն մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ սուրիական «Ալ-իխպարիա» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հաֆէզ Ասատի այդ շրջան գալէն ամնիջապէս ետք հարիւրաւոր քաղաքացիներ շրջապատած են զինք եւ ուզած են անոր հետ ինքնիկ (selfie) մը ընել:

Յիշեցնենք, որ իր մեծհօր անունը կրող Հաֆէզ Ասատ 17 տարեկան է եւ Սուրիական  լրատուական աղբիւրներ մեկնաբանելով իր այս շրջայցը, նկատել տուած են, որ հազուագիւտ կը պատահի, երբ ամենավտանգաւոր երկիրը համարուած այսօրուան Սուրիոյ մէջ երկրի նախագահին աւագ որդին նման քայլով մը հանդէս կու գայ: