Թայլանտի մէջ կայացած Ռոպոթի բաց մրցոյթին Սուրիան ներկայացնող խումբը զբաղցուցած է 3-րդ տեղը:
Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայքը, նշելով, որ սուրիական խումբը մրցած է միջին դասակարգումի խումբերուն հետ ու յաջողած է հասնիլ եզրափակիչ փուլ եւ նուաճել պրոնզէ մետալը:
«Sawa Junior» անունով մասնակցած սուրիական խումբին մաս կազմած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի որդին՝ Քարիմը Ասատը եւ Նժդեհ Սերոբեան անունով հայազգի պատանին, որոնց մարզած են Լուայ Ապու Ալ-Տահապը եւ Ալիաա Ալ-Համուին:
Նշենք, որ Ողիմեական խաղերուն, որ կայացած էր Թայլանտի Շանկհայ քաղաքին մէջ, մասնակցած են 70 երկիրներէ 400 խումբեր, որոնց շարքին նաեւ Սուրիան՝ 6 տարբեր խումբերով: