image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական համայնքի ներկայացուցիչները այցելեցին դեսպան Իպրահիմին

Սուրիական համայնքի  ներկայացուցիչները  այցելեցին դեսպան Իպրահիմին

 Սուրիացի քաղաքացիներու  համայնքը  ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր այցելութիւն տուած է    Երեւանի   մօտ Սուրիոյ  դեսպանատուն։

    Համայնքի նախագահ  Տօքթ. Ճորճ Բարսեղեանի   գլխաւորութեամբ  կազմուած  պատուիրակութեան անդամները ընդունուած են      ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ արտակարգ  եւ լիազօր  դեսպան  Տիար Մոհամմատ Ահմատ Հաժ Իպրահիմի    կողմէ։

 Այցելութեան   նպատակը  եղած է  Հայաստանի  սուրիացիներու  համայնքին անունով   շնորհաւորել  դեսպան  Իպրահիմը Սուրիոյ «սրբագրման  օր»ուան  տօնին  առթիւ։

 Կը  նշուի, որ հանդիպման ընթացքին  կողմերը քննարկած են  Հայաստան-Սուրիա    կապերու  ամրապնդման միջոցները,  ինչպէս նաեւ  յառաջիկայ փուլին   համագործակցութեան   ապահովման   կարելիութիւնները։

 

Յիշեցնենք,  որ «սրբագրման շարժման» (1970-ին)  շնորհիւ  Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատի  հայր ՝ Հաֆէզ Ասատ  յաջողեցաւ  կարեւոր բարեփոխումներ կատարել  ու   այդկերպ   հասնիլ  իշխանութեան   ղեկին։