image

Սուրիա. Առաջին անգամ ըլլալով կանայք պետական մեծ կառքեր պիտի վարեն

Սուրիա. Առաջին անգամ ըլլալով կանայք պետական մեծ  կառքեր պիտի վարեն

«Սահիպաթ ալ-ժալալա» կայքին համաձայն, Սուրիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կիներուն պիտի արտօնուի մարդատար կամ բեռնատար մեծ կառքեր քշելը։

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ յատկապէս Դամասկոսի եւ Թարթուսի մէջ գործող առեւտրական մի քանի ընկերութիւններ յայտարարած են իրենց ընկերութեան մէջ կիներ ընդունելու վերաբերեալ ներկայացուած ծրագրին մասին։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սուրիոյ պետական համակարգի տարբեր ոլորտներու մէջ գործող հիմնարկներ յառաջիկային իրենց շարքերուն մէջ պիտի ընդունին մեծ բեռնատարներու կին վարորդներ։

Սուրիոյ մասին լուրեր հաղորդող ընկերային ցանցի էջեր կը գրեն, որ  այս կարգադրութիւնը պիտի իրականացուի հաշուի առնելով, որ տղամարդիկ զբաղ են պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած զինուորական ոլորտներու մէջ տարուող պարտականութիւններով։