image
Հրատապ լուրեր:

Քիմ Քարտաշեանը Հայաստանէն տղայ երեխայ պիտի որդեգրէ. երեխայի անունը արդէն յայտնի է

Քիմ Քարտաշեանը Հայաստանէն տղայ երեխայ պիտի որդեգրէ. երեխայի անունը արդէն յայտնի է

Հոլիուտեան աստղ Քիմ Քարտաշեանն ու անոր ամուսին` ռափըր Քանյէ Ուեսթ որոշած են Հայաստանէն տղայ երեխայ որդեգրել: Այս մասին կը հաղորդէ Mirror պարբերականը:

Ինչպէս կը գրէ աղբիւրը, այս ահրցի վերաբերեալ Քարտաշեան Հայաստանի մէջ գործող մանկատան մը հետ կապուած է, որ այցելած էր երեք տարի առաջ:

«Heat World» ամսագրին համաձայն, անոնք կը նախատեսեն յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին կրկին այցելել այդ մանկատունը:  «Քիմը շատ կը սիրէ հօրը, եւ կը ցանկայ ունենալ փոքր տղայ, որ կը յիշեցնէ իր հօր մասին»,- գրած է պարբերականը, յիշեցնելով, որ Քիմի հօր` Ռոպերթի ընտանիքը հայ էր, ուստի բնական է, որ ան որոշած է Հայաստանէն երեխայ որդեգրել:

Աղբիւրին համոզմամբ` զոյգը արդէն որոշած է, թէ ինչ անուն պիտի տայ Հայաստանէն որդեգրուող երեխային: «Անոնք արդէն որոշած են երեխային անուանել Սեմ` Քիմի մեծ պապի` Սաղաթել Քարտաշեանի պատուին, որ յետագային` ԱՄՆ տեղափոխուելէ ետք անունը փոխած էր` դարձնելով Սեմ Քարտաշեան:

Յիշեցնենք, որ զոյգը արդէն ունի երեք երեխայ` Նորթը, Սէյնթը եւ Շիքակոն: