image
Հրատապ լուրեր:

Տինքի կեանքին նուիրուած ֆրանսերէն վէպը՝ մրցանակակիր

Տինքի կեանքին նուիրուած ֆրանսերէն վէպը՝ մրցանակակիր

Ֆրանսացի վիպագիր Վալերի Մանթօ Ֆրանսայի նշանաւոր «Ռընոտօ» գրական մրցանակին արժանացաւ իր «Լը Սիյոն» («Ակօսը») վէպով։

Յատկանշական է, որ հեղինակին երկրորդը հանդիսացող այս վէպը կը պատմէ թուրք ազգայնամոլի մը ահաբեկչութեան զոհ գացած պոլսահայ խմբագիր Հրանդ Տինքի կեանքն ու մամուլի աշխատանքը։

Վալերի Մանթօ պարգեւը ստանալուն առիթով՝ խօսեցաւ եւ պատմեց, թէ մեծ հիացում ունի  Հրանդ Տինքի եւ անոր քաղաքական տեսութիւններուն նկատմամբ ու վէպին գաղափարը ծագած է, երբ սկսած է առաւել խոր կերպով ուսումնասիրելու անոր կեանքը։