image

Թորոնթոյի մէջ մէկ միլիոն տոլար հաւաքուած է ի նպաստ Հայաստան հիմնադրամին

Թորոնթոյի մէջ մէկ միլիոն տոլար հաւաքուած է ի նպաստ Հայաստան հիմնադրամին

Կիրակի, 21 հոկտեմբերին, Թորոնթոյի մէջ կայացած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին  ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար գումար մը։

Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարը նոր մրցանիշ մըն էր շրջանին համար եւ անիկա պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին նախաձեռնած կենսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման։