image

Վերջին հրաժեշտ Արա Կիւլէրին

Վերջին  հրաժեշտ  Արա  Կիւլէրին

Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տուած են պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին: Ան  մահացաւ 17 հոկտեմբերին (90 տարեկան): 

 

«Պոլսոյ աչք» անունով յայտնի հայազգի արուեստի գործիչի մահուան պատճառը սիրտի անբաւարարութիւնն էր:

 

«Ակօս»-ը հաղորդած է, թէ Կիւլէրի դին դրուած էր քաղաքի կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասի Երեք խորան հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցած էր  հոգեհանգիստը:

 

Կիւլէրի մարմինը եկեղեցիէն դուրս բերած են հայկական տուտուկի ու «Տլէ եաման»-ի հնչիւններու ներքոյ՝ փաթթուած թրքական դրօշով: Պոլսահայ լուսանկարիչի դին թաղած են Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ:

 

Կիւլէրի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուած են հայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ, մտաւորականներ, երկրպագուներ ու լրատուամիջոցներու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ:

 

Յիշեցնենք, որ  պոլսահայ լուսանկարիչի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցական ուղերձ յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ նշելով, որ ան կը շարուն