image

Մահացած է ազգային բարերեր Հրայր Յովնանեանի կինը Աննա Յովնանեանը

Մահացած է ազգային բարերեր Հրայր Յովնանեանի կինը Աննա Յովնանեանը

Աննա Յովնանեանը ծնուած է 24 Փետրուար 1929-ին, Նիւ Ճըրսիի Հոպոքըն քաղաքին մէջ: Նա Հաբարձում Համբարեանի եւ Վիրճինիա Աճէմեանի միակ զաւակն էր: Հայրը՝ փրոֆեսոր էր Խարբերդէն, որ կորսնցուցած էր առաջին կնոջն ու որդիին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ: Աննայի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած է Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանին մէջ:

Աննա Յովնանեանը երիտասարդ տարիներէն հակուած էր դէպի արուեստը: Ան ջանասէր ուսանող էր եւ աւագ դպրոց յաճախելու տարիներուն, կ'աշխատէր իր սիրելի Մանհեթընի մէջ գտնուող «Մէյսի՛զ» խանութի գլխարկներու բաժնին մէջ: 

Համալսարանական ուսումը ստացած է Գեղարուեստի դպրոցէն ներս, Թեխնոլոկիայի Նորաձեւութեան ինստիտուտի Գեղարուեստի բաժնին մէջ, Աննան այնուհետեւ աշխատած է դրամատան մէջ (Chase Manhattan Bank), այնուհետեւ՝ Proctor եւ Gamble ընկերութեան:

Հրայր Յովնանեանն ու Աննան ամուսնացած են 11 Փետրուար 1956-ին, եւ անոնց սիրոյ պատմութիւնը շարունակուած է մինչեւ կեանքի վերջ: Ամուսնական կեանքի սկիզբը, անոնք շատ համեստ կ'ապրէին Փենսիլվանիա նահանգի Ուէյն քաղաքի փոքրիկ բնակարանին մէջ, եւ երկուքն ալ կ'աշխատէին:

1958 թուականի Յիշատակի օրը, վճռորոշ էր երիտասարդ զոյգի կեանքին մէջ. Հրայր Յովնանեանը, Աննայի լիակատար խրախուսմամբ՝ սկսաւ սեփական գործ անշարժ գոյքի ոլորտի մէջ: Անոնք տեղափոխուեցան Նիւ Ճըրսի, ուր ալ 1958-ին ծնուաւ առաջնեկը՝ Սիրանը: Յաջորդ վեց տարիներուն Հրայր եւ Աննա Յովնանեանները ունեցան եւս չորս երեխայ՝ Էտելը, Թանեան, Լիլան եւ Արմէնը:

1972-ին, Յովնանեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է ովկիանոսի ափին Տիլի մէջ գտնուող իրենց նոր բնակատեղին, ուր սկսած են վայելել իրենց յաջողութեան պտուղները՝ ճամբորդելով եւ տարաբնոյթ հանդիսութիւններ կազմակերպելով իրենց տան մէջ՝ լի հայկական երաժշտութեամբ եւ պարով:

1992-ին անոնք տեղափոխուեցին Նիւ Ճըրսի, ուր Աննան ստեղծեց արուեստի սթուտիա՝ գետի ափին գտնուող իրենց հողատարածքին մէջ՝ սկսելով ստեղծագործական աշխատանքի իր ամենաարդիւնաւէտ շրջանը:

Հրայր Յովնանեանը Երեւանի կեդրոնին մէջ կառուցած է եկեղեցի՝ այն անուանելով Սուրբ Աննա՝ կնոջ անունով, նաեւ այդպիսով յարգանքի տուրքը մատուցելով իր կնոջ: