image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակի պահեստային զինուորները ազատ պիտի կացուցուի՞ն

Սուրիոյ բանակի պահեստային զինուորները ազատ պիտի կացուցուի՞ն

Սուրիացի մէկէ աւելի լրագրողներ երէկ գրառումներ կատարելով, անդրադարձած են Սուրիոյ բանակի պահեստային զինուորներու խնդրին:

Ըստ շրջանառուած տեղեկութիւններուն, Սուրիոյ նախագահը յառաջիկայ օրերուն հրամանագիր մը պիտի ստորագրէ, որու հիմամբ մեծ թիւով պահեստի զինուորներ ազատ կացութեան վաւերաթուղթ պիտի ստանան:

Ըստ լրագրող Ռիտա Ալ-Պաշայի, որ այս մասին գրառում մը կատարած է, աւելի քան 800 000 պահեստային զինուոր ազատ կացութեան թուղթ պիտի ստանան:

Նոյն տիպի գրառում կատարած է նաեւ Սալէհ Ալ-Սայյէտ անունով յայտնի լրագրողը:

Նշենք, որ մեծ թիւ կը կազմեն սուրիացի այն երիտասարդները, որոնք մանաւանդ այս պատճառի բերումով կը զգուշանան Սուրիա վերադառնալէ: