image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ Աննա Ասլանեան մաս պիտի կազմէ Սուրիոյ պասքէթպոլի ազգային հաւաքականին

Հալէպահայ Աննա Ասլանեան մաս պիտի կազմէ Սուրիոյ պասքէթպոլի ազգային հաւաքականին

Հալէպահայ մարզիկ Աննա Ասլանեան մաս պիտի կազմէ Սուրիոյ պասքէթպոլի աղջկանց կրտսեր խումբի ազգային հաւաքականին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ, Սուրիոյ ազգային հաւաքականի պատասխանատու մարմիններուն եւ Պասքէթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն որպէս դրական արդիւնք, որոշուած է, որ Աննա Ասլանեան մասնակից դառնայ Սուրիոյ ազգային հաւաքականին:

Կը նշուի նաեւ, որ պարմանուհիին ազգային հաւաքականին անդամակցելու գլխաւոր արգելքը եղած է այն, որ ան նախապէս մաս կազմած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ մասնկցած է բազմաթիւ մրցումներու արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ:

Սակայն նկատի առնելով անոր ունակութիւնները եւ արհեստավարժ մարզիկ ըլլալու հանգամանքը, Սուրիոյ պատկան մարմինները դիմում գրած են Պասքէթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին եւ աւելի ուշ ստացած են այդ մարմնի հաւանութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Աննա Ասլանեան Հալէպի Հ.Ե.Ը.ի «Ուրուպէ» ակումբի անդամ է:

 Որպէս Սուրիոյ հաւաքականի անդամ, Աննային առաջին երեւումը պիտի ըլլայ այս ամսուան աւարտին, Հնդկաստանի մէջ տեղի ունենալիք կանանց միջազգային ախոյեանութեան մրցումներուն: