Ընկերային ցանցերու վրայ աշխոյժ ներկայութիւն եղող «Հաշթակ Սուրիա» կայքին համաձայն, վերջերս ընդունուած որոշումին առընթեր, նոր բացայայտումներ կատարուած են: Խօսքը Սուրիոյ մէջ սեռային բնոյթի կայաններու արգելափակման թեմային մասին է: Ըստ աղբիւրին, որոշ սուրիացի պաշտօնեաներ դրամական կաշառք ստացած են այդ խնդրի իրականացման համար:
Աղբիւրը, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չի փոխանցեր, նշած է, որ սուրիացի որոշ պաշտօնեաներ ներկայ պահուս կը գտնուին հարցաքննութեան տակ եւ աւելի ուշ պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչ կաշառքի մասին է խօսքը:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած էր՝ պետական մարմիններու կողմէ եղած տնօրինման համար, որուն արդիւնքով Սուրիոյ մէջ բոլոր սեռային բնոյթի ֆիլմեր սփռող կայանները արգելափակուած էին: