image

Լիբանանցի տիւրզի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ կը շարունակէ իր հին աւանդութիւնը. Ի՞նչ գիրք նուիրած է ան նախագահ Աունին

Լիբանանցի տիւրզի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ կը շարունակէ իր հին աւանդութիւնը. Ի՞նչ գիրք նուիրած է ան նախագահ Աունին

Լիբանանի տիւրզի համայնքի առաջնորդներէն նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթ կը շարունակէ գիրք նուիրելու իր յայտնի աւանդութիւնը:

Ան երէկ բարձրացած էր Պաապտայի նախագահական պալատ եւ իր սովորութեան համաձայն գիրքեր նուիրած էր նախագահ Աունին:

Ժոմպլաթ աւելի ուշ պատասխանելով լրագրողներուն հարցերուն, թէ ինչ գիրք նուիրած է նախագահ Աունին, ըսած է, որ ինք նախագահին նուիրած է «Lords Of The Desert» անունով խորագրեալ գիրքը, որուն հեղինակը՝ ճէյմըս Պար այս գիրքով կը ներկայացնէ բրիտանա-ամերիկեան վիճայարոյց յարաբերութիւնները եւ տարակարծութիւնները արաբական աշխարհին վերաբերեալ:

Ժոմպլաթ նաեւ ըսած է, որ Ճէյմըս Պար այն հեղինակն է, որ 4 տարիներ առաջ գրած է «A Line in the Sand» անունով խորագրեալ գիրք մը, ուր կը պատմէ, թէ ինչ պայմաններու տակ կազմուեցաւ Սայքս-Պիքօ պայմանագիրը:

Աւարտին ժոմպլաթ նշած է, որ նախագահ Աունին նուիրած է նաեւ իր հօր Քամալ ժոմպլաթի մասին վաւերագրական տեսանիւթերու շարք մը, որ վերջերս ցուցադրուած էր Փարիզի արաբական տան մէջ:

Յիշեցնենք, որ տիւրզի առաջնորդին համար սովորութիւն դարձած է որեւէ պաշտօնական հանդիպման ընթացքին հրաւիրեալ կամ հիւրընկալող կողմին նուիրել պատմաքաղաքական բնոյթի հատորներ: