image

Լիբանանի մէջ պիտի ներկայացուի Արա Արծրունիի գործերէն մէկը

Լիբանանի մէջ պիտի ներկայացուի Արա Արծրունիի գործերէն մէկը

Լիբանանի մէջ արաբերէն լեզուով պիտի ներկայացուի լիբանանահայ թատերագիր Արա Արծրունիի գործերէն մին: Այս մասին տեղեկութիւնը ներկայացուցած է «Մօնօ» թատրոնի վարչութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Արա Արծրունիի մշակած «Մժեղը» գործի բեմադրութիւնը վստահուած է  լիբանանահայ բեմադրիչ Յակոբ Տէրղուկասեանին:

Թեքսթը թարգմանած են Թոնի ֆարահ եւ Սարա Ապտօ, Ժոզէֆ Խուրի, Անժելա Խալիլ, Եարա Զախուր եւ Փաթիլ Գուլաճեան:

Նշենք, որ թատերգութիւնը թարգմանուած է նաեւ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի՝ Փաթիլ Գուլաճեանի եւ Եարա Զախուրի կողմէ:


Յիշեցնենք, որ Արա Արծրունին կը համարուի լիբանանահայ թատերգութեան ամենայայտնի վարպետներէն մին եւ ան յայտնի է իր ապսուրտի թատրոնի փայլուն գործերով: