image

Ի՞նչ պատճառով «Ալ-Նահար»ը սպիտակ էջերով հրապարակուեցաւ. Թերթի խմբագիրը բացատրութիւններ տուած է

Ի՞նչ պատճառով «Ալ-Նահար»ը սպիտակ էջերով հրապարակուեցաւ. Թերթի խմբագիրը բացատրութիւններ տուած է

Լիբանանեան «Ալ-Նահար» օրաթերթի խմբագիր Նայլա Թուայնի, երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին բացատրութիւններ տուած է այն մասին, թէ՝ ինչու երէկ թերթը, ինչպէս նաեւ թերթի կայքէջը հրատարակուած են սպիտակ էջերով եւ բովանդակութեամբ:

Նայլա Թուայնի, որ դուստրն է Լիբանանի նահատակ լրագրող Ժըպրան Թուայնիի, յայտարարած է, որ Լիբանան յայտնուած է բաւական ծանր եւ տագնապալի վիճակի մը մէջ եւ իրենք որպէս անկախ մամուլ, պարտաւոր են ահազանգ հնչեցնել՝ ի դէմս երկրի ընդհանուր տագնապալի վիճակին:

Թուայնի նաեւ հաւաստած է, որ «Նահար»ը ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ մնալ ազատ խօսքի եւ ազատ կարծիքի ամպիոն մը, կոչ ընելով Լիբանանի քաղաքացիներուն ոտքի կանգնիլ եւ արտայայտել իրենց բողոքն ու վրդովմունքը, ի տես՝ երկրի մէջ տիրող վիճակին:

Ըստ Թուայնիի, ժողովուրդը եւ նոյնպէս «Նահար» օրաթերթը յոգնած են խոստումներէ, եւ անոնք ձանձրացած են վերջին հինգ ամսուան ընթացքին՝ կառավարութեան մը կազմութեան վերաբերեալ տրուած բոլոր տեսակի խոստումներէն:

Ան նաեւ ըսած է, որ երկիրին մէջ տիրող տագնապը միայն մամուլը եւ լրատուական կայանները հարուածող տագնապ մը չէ, այլ համընդհանուր տագնապ մըն է եւ պէտք է այսօր ամէն ինչ ընենք փրկելու համար Լիբանանը:

Յիշեցնենք, որ 80 տարուան կեանք ունեցող «Ալ-Նահար» պարբերականը կը համարուի Լիբանանի անկախ պարբերականներէն մէկը, որ լայն տարածում ունի: