image
Հրատապ լուրեր:

Մաքրոն. Ես խոստացած էի եւ խոստումս կը կատարեմ. Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ պիտի հռչակուի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր

Մաքրոն. Ես խոստացած էի եւ խոստումս կը կատարեմ. Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ պիտի հռչակուի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր

Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ բացումը «Քասքատ»ի հարեւանութեամբ տեղակայուած «Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին մշակութային նախագիծին, որուն ներկայ եղան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Արմէն Սարգսեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն, ինչպէս նաեւ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլան:

«Մենք Սփիւռքի կողքին կը շարունակենք միջազգային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարը. այս պայքարը Ֆրանսայի պայքարն է», ըսաւ նախագահ Մաքրոն «Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին:

«Չկան բառեր նկարագրելու համար այն, ինչը զգացինք այսօր առաւօտեան, Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին: Ազնաւուր, որ գիտէր Ֆրանսան 1915էն ի վեր դատապարտած է Ցեղասպանութիւնը Անատոլ Ֆրանսի ձայնով, որ Ֆրանսան իր նաւատորմը ուղարկած է փրկելու հազարաւոր մարդիկ: Ազնաւուր պայքարեցաւ, որ 2001ին Ֆրանսան օրէնքի ուժով ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ո՛չ, այս պայքարը  պիտի չաւարտի, որովհետեւ յիշել ցեղասպանութիւններու մասին՝ դատապարտելով ժխտողականութիւնը, կը նշանակէ պայմաններ ստեղծել կանխելու անոնց կրկնութիւնը: Ես խոստացած էի այդ, խոստումս կը կատարուի մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24: Ֆրանսա այդ օրը պիտի նշէ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:

Նշենք, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամը ստեղծուած է 2017ին, Շարլի Ազնաւուրի եւ անոր ցաւակին՝ Նիքոլա Ազնաւուրի կողմէ՝ նպատակ ունենալով մշակոյթը հասանելի դարձնել մեծ հանրութեան եւ նպաստել հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

«Ազնաւուր» կեդրոնը իր դռները պիտի բանայ շէնքի ամբողջական վերակառուցումէն ետք: Կեդրոնին մէջ պիտի գործէ «ինտերակտիւ» թանգարան՝ նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի կեանքին։ Անիկա պիտի ըլլայ նաեւ կրթական-մշակութային կեդրոն մը, ուր պիտի դասաւանդուին շարժապատկերի պատրաստութիւն, երաժշտութիւն եւ ֆրանսերէն: