image
Հրատապ լուրեր:

Ճասթին Թրիւտօ. Աշխարհի ամենաարագ զարգացող տասը երկիրներէն 5-ը ֆրանքոֆոն են

Ճասթին Թրիւտօ. Աշխարհի ամենաարագ զարգացող տասը երկիրներէն 5-ը ֆրանքոֆոն են

Մենք կը փորձենք ստեղծել  տիրոյթ մը, ուր կ'առաջնորդրուինք իրար հանդէպ յարգանքով, տիրոյթ մը, ուր մեր պետութիւնները կրնան զարգանալ, լսել իրար, եւ այս ամէնը ֆրանսերէնով:

Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովին ունեցած ելոյթին մէջ ըսած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն:

«Ձեր երկիրը ունենայ 99 միլիոն բնակչութիւն, թէ 9 միլիոն, դուք լիիրաւ անդամ էք այդ կազմակերպութեան»,- ըսած է ան` համախմբան կոչ ընելով ոչ միայն ճառերու, այլեւ այն ապագայի շուրջ, որ կը ցանկան կառուցել:

«Շատ քաղաքացիներ իրենց հեռու կը զգան ժամանակակից աշխարհէն: Ֆրոնքոֆոն երկիրները պէտք է լուծեն այս խնդիրները: Աշխարհի ամենաարագ զարգացող տասը երկիրներէն հինգը ֆրանքոֆոն պետութիւններ են, ուստի Գանատան նպատակ ունի աշխոյժացնել համագործակցութիւնը այդ պետութիւններու հետ: Ոչ մէկ երկիր չի կրնար առանձին յաջողութիւններ գրանցել, առանց բոլորի աջակցութեան` անկախ կրօնական ու ազգային պատկանելութենէն»,- ըսած է ան:

Ըստ Ճասթին Թրիւտոյի՝ Ափրիկէն այսօր կը հանդիսանայ ֆրանքոֆոնիայի շարժիչը, ուստի Գանատան կը ցանկայ երկարաժամկէտ գործընկեր ըլլայ ափրիկեան մայրցամաքին համար։ Գանատայի վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ ֆրանքոֆոն պետութիւնները պէտք է հաւասար հնարաւորութիւններ ստեղծեն երիտասարդութեան համար՝ անոնց տալով սորվելու եւ յաջողութիւններու հասնելու առիթ, իսկ պետութիւններու առաջնորդներն այս ամէնուն չեն կրնար հասնիլ, եթէ չընդգծեն առաջին հերթին ապահով երկիր ունենալու հանգամանքը։

Թրիւտօն անդրադարձած է նաեւ այն ոլորտներուն, ուր Գանատան յաջողութիւններ գրանցած է` շեշտելով կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, խտրականութեան վերցումը եւ, յատկապէս, Մալիի մէջ իրենց կողմէ տարուող աշխատանքները:

Թրիւտօն կարեւորած է նաեւ ֆրանսերէնի տարածուածութեան մակարդակը եւ շեշտած, որ Գանատան կը հետեւի, որպէսզի համացանցային տիրոյթին մէջ ֆրանսերէնը յետընթաց չարձանագրէ։