image

Աւստրալահայ Աղաճանեաններու ընտանիքը հայրենադարձած է

Աւստրալահայ Աղաճանեաններու ընտանիքը հայրենադարձած է

Երկար մտածելէ ետք աւստրալահայ Աղաճանեաններու ընտանիքը որոշած է բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Այսօր Արա Աղաճանեանն ու Մարինա Օգանէսեանը իրենց երկու զաւակներուն հետ վերադարձած են հայրենիք: Այս մասին կը կը տեղեկացնէ ShantNews-ը:

Դաւիթ Աղաճանեանի կարծիքով՝ իրենց՝ վերջնականապէս Հայաստանի մէջ հաստատուելու գաղափարը նորութիւն չէր, սակայն վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը աւելի ոգեւորած են իրենց եւ հաստատած որոշումը:

Այսօր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայրենադարձ ընտանիքին ծաղիկներով դիմաւորած են Սփիւռքի նախարարութեան  աշխատակիցները, իսկ փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանը ըսած է, որ նախարարութիւնը տարբեր հարցերու վերաբերեալ աջակցած է՝ իրականացնելու անոնց վաղեմի երազանքը: