image
Հրատապ լուրեր:

Պաղտատի մէջ ծան ոճիր. Սպաննած են սեռային տարբեր հակումներ ունեցող 15-ամեայ պատանին

Պաղտատի մէջ ծան ոճիր. Սպաննած են սեռային տարբեր հակումներ ունեցող 15-ամեայ պատանին

Անցնող օրերուն Իրաքի մէջ ծանր ոճիր մը գրանցուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ իրաքեան ընկերային ցանցերու  օգտատէրեր նկարներ եւ տեսերիզ տարածած են, որոնց մէջ ի յայտ կը դառնայ 15-ամեայ պատանիի մը վայրագ ձեւով սպաննութեան դէպքը:

Աղբիրը կը նշէ, որ անծանօթներ սպաննած են Համմուտի Ալ-Մաթիրի 15-ամեայ պատանին, ըսելով, որ ան միասեռական հակումներ ունի եւ անոր ֆիզիքական կերպարը նման է իգական կերպարի:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մինչ անծանօթներ վայրագ կերպով սպաննած են պատանին, ոչ ոք փորձած է անոր օգնութիւն ցուցաբերել եւ ան մահացած է փողոցին մէջ պոռալով՝ «մայս կ'ուզեմ»: