image

Ճորճ Բարսեղեան ընտրուած է Հայաստանի Սուրիահայերու համայնքի նախագահ

Ճորճ Բարսեղեան ընտրուած է Հայաստանի Սուրիահայերու համայնքի նախագահ

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած դամասկահայ բժիշկ Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան ընտրուած է Հայաստանի Սուրիահայերու համայնքի նախագահ, այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Սուրիոյ Երեւանի դեսպանատունը:

Կը նշուի նաեւ, որ ընտրութիւնը տեղի ունեցած է Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող Սուրիոյ դեսպանատան մէջ, նախագահութեամբ Երեւանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ Հաճ Իպրահիմի:

Նշենք, որ Հայաստանի սուրիահայ համայնքի նախկին նախագահն էր Տիկ. Անի Պալըխեանը:

«Արեւելք» այս առթիւ իր շնորհաւորանքները կը յայտնէ Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանին, մաղթելով անոր բեղուն եւ ազգանուէր գործունէութիւն: