image

Նախագահ Ասատ համաներում յայտարարեց

Նախագահ Ասատ համաներում յայտարարեց

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ համաներում յայտարարած է ծառայութենէն խուսափող բոլոր սուրիացի երիտասարդներուն համար, որոնք կը գտնուին թէ՛ երկրի մէջ, թե՛ երկրէն դուրս: Այս մասին կը հաղորդէ SANA լրատուական գործակալութիւնը:

Համաներումը թոյլ կու տայ խուսափիլ քրէական պատասխանատուութենէն: Ծառայութենէն խուսափողները կրնան չորս ամիսներու ընթացքին ներկայանալ իրաւապահ մարմիններուն, եթէ կը գտնուին երկրէն ներս: Սուրիայէն դուրս գտնուողներուն համար սահմանուած է վեցամսեայ ժամկէտ:

Յատկանշական է, որ Ասատ համաներում յայտարարած էր նաեւ 2013 եւ 2015 թուականներուն: Այն ժամանակ հազարաւոր երիտասարդներ վերադարձած էին Սուրիա: Սուրիոյ կառավարութիւնը յոյս ունին, որ այս համաներումը եւս որոշակիօրէն կը նպաստէ փախստականներու վերադարձին: