Ամերիկայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ գործիչ՝ Մովսէս Տէր Օհաննէսեանը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն:
Մեր ունեցած տուեալներով Մովսէս մահացած է յետ կարճատեւ անհանգստութեան, երբ ան կը գտնուէր հիւանդանոցէն ներս բուժումներ ստանալու նպատակով:
Կը նշուի նաեւ, որ ան մաս կը կազմէր ԱՄՆ-ի արեւմտեան ափի «Հայ Դատ»ի յանձնախումբին ու նաեւ յարգուած անդամ էր տեղի հայ համայնքէն ներս:
Մովսէսի մահազդը տեղադրուած է նոյնպէս ANCA-ի Արեւմտեան Ամերիկայի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ: