image

28-ամեայ Քրիստափոր Օգնայեան ծանր արկածի զոհ

28-ամեայ  Քրիստափոր Օգնայեան   ծանր արկածի  զոհ

Ծանր արկածի մը ենթարկուելէ ետք մահացած է լիբանանահայ երիտասարդ Քրիստափոր Օգնայեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմէն:

 

Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ 28 տարեկան երիտասարդը մահացած է արկածի հետեւանքով, երբ բեռնատար կառք մը  շուռ  եկած  է, որուն հետեւանքով  ալ  Քրիստափոր ծանր վնասներու ենթարկուելով  մահացած է։

 

Նշենք, որ հանգուցեալը անդամ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդական բաժանմունքին՝ ՀԵՀՈՄ-ին եւ կը համարուէր այդ միութեան  աշխոյժ  անդամներէն մին։